2014-10-23 14:51:35

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 23 հոկտեմբերի քարոզը` ''Չենք կրնար քրիստոնեաներ ըլլալ առանց Սուրբ Հոգիին շնորհքին''։


(Ռ.Վ. 23 հոկտեմբեր 2014) ''Չենք կրնար քրիստոնեաներ ըլլալ առանց Սուրբ Հոգիին շնորհքով որ մեզի կը պարգեւէ զօրութիւնը՝ սիրելու'', այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 23 հոկտեմբերի, առաւօտեան , Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը ։
Մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած` Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներու ուղղուած նամակէն (Եփե 3, 14-21) ուր Առաքեալը կը նկարագրէ իր կեանքի փորձառութիւնը` երբ ''ամէն ինչ թողուց Քրիստոսի սիրահարուելուն համար'', Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յայտնեց, թէ Սուրբ Պօղոս Երկրաւոր Հայրէն խնրեց որ Սուրբ Հոգին ուղարկէ եւ ուժ պարգեւէ իրեն, որովհետեւ գիտակից էր թէ կարելի չէ յառաջ ընթանալ առանց Սուրբ Հոգիին, մեր մարդկային ուժերու տկարութեան պատճառաւ։Սուրբ հոգին կը բարեփոխէ մեր սիրտերը եւ մեզի յառաջ կը մղէ առաքինութիւնով ՝ գործադրելու համար պատուիրանները։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յայտնեց թէ Սուրբ Պօղոս մեզի կ՝ուսուցանէ նաեւ գովաբանական ու պաշտանունքի աղօթքը։ Եւ թէ Քրիստոսի Սէրը որ կը գերազանցէ ամէն ճանաչողութիւն կարելի չէ հասկնալ եթէ ոչ գովաբանական աղօթով։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը քարոզը եզրափակեց յայտնելով թէ ''Լաւ է Աստուած գովաբանել, որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ յարգելով առաջին եւ ամենամեծ պատուիրանը՝ Սէրը, սիրել զԱստուած եւ սիրել ընկերդ։







All the contents on this site are copyrighted ©.